Սիրելի հաւատացեալներ,
Կիրակի 17 Մարտ 2013, յաւարտ սուրբ եւ անմահ Պատարագի,
Հոգեհանգստեան պաշտօն կը խնդրեն.
+ Պօյաճեան Անթօ, Այտա եւ Յակոբ, ինչպէս նաեւ Պօյաճեան, Գարայեան, Պէշրիքեան, Աբգարեան ընտանիքներ, իրենց սիրեցեալ մօր եւ քրոջ՝ Տիրուհի Պօյաճեանի հոգւոյն համար, մահուան քառասունքին առթիւ:
+ Լազարեան Սահակ եւ Լազարեան ընտանիք, իրենց սիրեցեալ եղբօր՝
Արթին Լազարեանի հոգւոյն համար, մահուան 2րդ տալելիցին առթիւ:
Ինչպէս նաեւ հոգիներուն իրենց– մեծ-հօր (Արթին), ծնողաց (Լազար եւ Սելվինա), եղբարց (Հայկազուն, Տիքրան, Արթին) եւ քերց (Հայկանուշ, Զլաթա): Ինչպէս նաեւ Մեծ Եղեռնի զոհ գացած իրենց մեծ-մօր եւ անոր մանչին ու 2 դուստրերուն որոնց անունները կորսուած են ջարդէն, սակայն երկնքի արքայութեան գրքին մէջ անցած:
Միասնաբար աղօթենք առ բարձրեալն Աստուած՝
որ բոլոր ննջեցեալներուն հոգիները լուսաւորէ. անոնց սգակիր
պարագաներուն Սուրբ Հոգւոյն անսպառ մխիթարութիւնը շնորհէ.
եւ Հայ ժողովուրդն ու համայն մարդկութիւնը իր սուրբ Նշանով պահէ:
Հոգեճաշի հիւրասիրութիւն տեղի պիտի ունենայ Պատարագի աւարտին:
Աղօթարար եւ սիրոյ ողջունիւ՝
Հայր Հրանդ Թ
Dear Parishioners,
A requiem service will be held this Sunday
March the 17th, following mass, requested by
+ Anto, Ayda and Hagop Boyadjian, as well as Boyadjian, Karayan, Beshrikian, Abkarian families, for the soul of their beloved mother and sister, Dirouhi Boyadjian, on the fortieth day memorial.
+ Sahag and Siranoush Lazarian and family, for the soul of their beloved brother, Artin Lazarian, on the second year memorial. Also for the souls of their grandfather Artin, parents Lazar and Selvina, brothers Haigazun, Dickran, Artin and sisters Haiganush, Zlata. And last, for relatives fallen victim to the Genocide, their grandmother with her son and 2 daughters. Their names were lost because of the Medz Yeghern, but are kept in the book of the Kingdom of Heaven
Let us pray to the heavenly Father, that he may enlighten the souls of our
deceased loved ones, grant the comfort of the Holy Spirit to their relatives,
and guard our people and all of humanity by the sign of his holy Cross.
Following the Liturgical services, a memorial luncheon “hokejash”
will be served at the Armenian Community Centre’s Lazarian Hall.
Prayerfully and in loving compassion,
Yours in Christ,
Fr. Hrant