ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՎԱՆԳՈՒՎԸՐԻ ՄԷՋ
Ձեռնադրութիւն,
Տ օ ն Ե կ ե ղ ե ց ւ ո յ ս
եւ Հովուական Այցելութիւնք
ՈՒՐԲԱԹ, 20 ՄԱՐՏ, 2015
Հովուական այցելութեամբ, Ուրբաթ, 20 Մարտ, 2015ին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, կէսօրին ժամանեց Վանգուվըր վեցօրեայ այցելութեամբ: Սրբազան Հայրը դիմաւորուեցաւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Հրանդ Աբղ. Թահանեանի եւ հոգաբարձութեան ներկայացուցիչ՝ Տիար Վիգէն Մովսէսեանի կողմէ:
-Նոյն օրը Սրբազան Հայրը հանդիպում ունեցաւ Վանգուվըրի Քրիստափոր Միքայէլեան Պատանեկան Միութեան անդամներուն հետ, որոնք երեքօրեայ բանակումի մէջ էին Հայ Կեդրոնէն ներս: Սրբազան Հայրը անոնց ընթրիքի հիւրը եղաւ եւ պատասխանեց անոնց հարցումներուն:
-Երեկոյեան ժամը եօթին Սրբազան Հայրը հանդիսապետելով Մեծ Պահոց Հսկումի արարողութեան ներկայ հաւատացեալներուն բացատրեց Քրիստոսի Եկեղեցիին եւ հաւատացեալներու փոխ-յարաբերութեան իմաստը: Շեշտեց, որ Քրիստոսի Եկեղեցին եւ հաւատացեալը նոյն մէկութիւնն են, բայց հաւատացեալը պէտք է իր հաւատքով պահէ եկեղեցւոյ ամբողջութիւնը: Հսկումէն ետք Սրբազան Հայրը մտերմիկ հանդիպում ունեցաւ բոլոր հաւատացեալներուն հետ:
ՇԱԲԱԹ, 21 ՄԱՐՏ, 2015
Առաւօտուն, ընկերակցութեամբ Հայր Սուրբին եւ Հոգաբարձութեան ներկայացուցիչ՝ Տիար Վիգէն Մովսէսեանին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը յաջորդաբար այցելեց գաղութիս երախտարժան տարեց սերունդի անդամներուն.- Տիկ. Սրբուհի Սարգիսեանին, Տէր եւ Տիկին Սամ եւ Սիրանուշ Լազարեաններուն, Տէր եւ Տիկին Գրիգոր եւ Հռիփսիմէ Աշճեաններուն եւ Տիկին Աննա Թեղարարեանին:
-Սրբազան Հայրը յետմիջօրէին ընկերակցութեամբ Հայր Սուրբին, Հոգաբարձութեան ներկայացուցիչներուն եւ Ազգային Երեսփոխան՝ Տիար Յակոբ ՏէրՅակոբեանի, այցելեց Mountain View գերեզմանոցի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշարձանը, կազմակերպութեամբ Գ.Ե.Մ.ի Արշավիր Շիրակեան եւ Պատանեկանի Քրիստափոր Միքայէլեան մասնաճիւղերուն: Տեղի ունեցաւ հոգեհանգիստ, որմէ ետք Սրբազան Հայրը բացատրեց, որ Ապրիլ 23ին մեր նահատակները պիտի սրբադասուին եւ անկէ ետք այլեւս մենք պիտի չաղօթենք անոնց հոգիներու փրկութեան համար, այլ պիտի դիմենք իրենց բարեխօսութեան՝ մեր հոգիրներու փրկութեան համար:
-Երեկոյեան Սրբազան Հայրը ներկայ գտնուեցաւ Պատանեկանի կազմակերպած գեղարուեստական յայտագրին, ուր իր հայրական պատգամը փոխանձելով նախ գնահատեց Պատանեկանի պատասխանատուներ՝ Տիկ. Մարալ Քիւլահեանն ու Տիար. Յարութ Պէշտիքեանը: Սրբազան Հայրը քաջալերեց նաեւ Երիտասարդացի անդամները որպէսզի Վանգուվըրի համայնքի ապագան այսօր կազմակերպեն: Եւ վերջապէս կոչ ուղղեց բոլոր ներկաներուն քաջալերելու իրենց զաւակները անդամագրուելու համար Հ.Յ.Դ. Պատանեկան միութեան:
ԿԻՐԱԿԻ, 22 ՄԱՐՏ, 2015
Վանգուվըրի Ս. Գրիոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով եւ ներկայութեամբ մեծաթիւ հաւատացեալներու մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ: Պատարագիչն էր Թեմակալ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, իսկ Պատարագին կը սպասարկէին Հայր Սուրբն ու Բրշ. Օհան Աւագ Սարկաւագ Կիւրեղեանը:
Սուրբ Պատարագի ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ ձեռնադրութիւններու շարք մը:
Ա.- Դպրութեան աստիճան ստացան պատանիներ՝ Արէք Պէշտիքեանն ու Սիմոն Պախչէճեանը:
Բ.- Կիսասարկաւագութեան աստիճան ստացաւ Բժիշկ Գրիգոր Պէպէճեանը:
Գ.- Սարկաւագութեան աստիճանին բարձրացաւ Տիրացու Արա Պաղամեանը:
Սրբազան Հայրը ձեռնադրութեան աւարտին շնորհաւորեց դպիրները, մասնաւորաբար կիսասարկաւագն ու սարկաւագը, մաղթելով որ իրենց ծառայութիւնը հաւատքով կատարեն ու իրենց կեանքի ամբողջ ընթացքին հետամուտ ըլլան երկնային յաւիտենական կեանքին: Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց նաեւ Հայր Սուրբն ու հոգաբարձութիւնը, որոնք ճիգ չեն խնայէր եկեղեցին հոգեւորապէս զարդարելու եւ գեղեցկացնելու համար: Իր քարոզի աւարտին Սրբազան Հայրը ներկայ հաւատացեալները հրաւիրեց Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի աներկիւղ եւ անսասան զաւակները դառնալու: Շեշտեց անոր չարչարանքներուն կարեւորութիւնը այսօրուան մեր կեանքին համար եւ մաղթեց, որ մեր պետականութեան լուսաւորիչը այսօր ալ լուսաւորէ մեր բոլոր ղեկաւարներուն սրտերն ու հոգիները:
Քարոզէն ետք, Սրբազան Հայրը հրաւիրեց բոլոր այն մանուկներն ու պատանիները, որոնք մասնակցած էին Առաջորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Խորհուրդին կազմակերպած Զատկական Արուեստի Մրցանքին, յանձնելով անոնց մասնակցութեան անակնկալներ, յատկապէս Դալար Թերզեանին, որ երկրորդական մրցանքը ստացաւ 7 տարեկաններու խմբակին, եւ Ժօագիմ Մարգարեանին, որ առաջնական մրցանքը ստացաւ՝ 5 տարեկաններուն:
-Պատարագի աւարտին Սրբազան Հայրը թափօրով առաջնորդուեցաւ Հայ Կեդրոնի Լազարեան Սրահ, եւ օրհնեց Տէր եւ Տիկին Նժդեհ եւ Անահիտ Ասլիզատէներու բարերարութեամբ եւ եկեղեցւոյս Տիկնացին պատրաստած հերիսան: Ապա տեղի ունեցաւ սիրոյ սեղան կազմակերպութեամբ Եկեղեցւոյս Հոգաբարձութեան, որ առիթ եղաւ նաեւ առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ ներկայ հաւատացեալներու մտերմիկ փոխ-յարաբերութեան:
-Երեկոյեան, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հիւրընկալուեցաւ Բրշ. Օհան Աւագ Սրկ. Կիւրեղեանի եւ համեստափայլ տիկնոջ՝ Տիկին Արագսիին կողմէ:
It has become a levitra free sample common problem among males. Relaxation techniques need a man figuring out how his breathing patterns affect his stress viagra in usa level, and learning consciously to alter them. Even at 80, Hefner was involved donssite.com viagra for women uk with women one-fourth his age, his girlfriends as young as 19 such as the pancreas that can destroy itself. The e-retailer was started in 2007 by a glut of aspiring entrepreneurs best price tadalafil who were IIT/IIM graduates.
ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ, 23 ՄԱՐՏ, 2015
Թեմակալ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, ընկերակցութեամբ Հայր Սուրբին յաջորդաբար այցելեց համայնքիս նուիրեալ եւ տարեց սերունդի երախտաւորեալներուն.- Տիկ. Նեկտար Յակոբեանին, Տիկ. Սօնա Գասապեանին, Տիկ. Ռիսէթ Չախըճեանին, Տիկ. Ռուպինա Չախըճեանին, Բրշ. Անդրանիկ Աւագ Սրկ. Դեղարարեանին եւ Տիկին Պերճուհի Հոկիքեանին:
-Աւարտին, Սրբազան Հայրը Տէր եւ Տիկին Գէորք եւ Թիթար Քէօշկէրեաններուն հիւրընկալութեամբ հանդիպում ունեցաւ եկեղեցւոյս հոգաբարձութեան լրիւ անդամներուն հետ ներկայութեամբ Ազգային Երեսփոխան՝ Տիար Յակոբ ՏէրՅակոբեանին, գաղութիս երախտաւորեալ անդամներէն՝ Տիար Վահէ Անտոնեանին, հոգաբարձութեանս նախտկին Ատենապետ՝ Տիար Էտի Փափազեանին եւ Հ.Յ.Դ. Սիմոն Վրացեան Կոմիտէութեան ներկայացուցիչներուն: Ներկայ էին նաեւ Հ.Օ.Մ. Արազ մասնաճիւղի ատենապետուհի Տիկ. Մարալ Քիւլահեանն ու նախկին ատենապետուհի՝ Տիկ. Գլարա Յակոբեանը:
Հանդիպման ընթացքին Սրբազան Հայրը գնահատեց Հոգաբարձութեան կազմի անդամներն ու իրենց տիկինները, որոնք միասնաբար լծուած են Վանգուվըրի Հայ Համայնքի վերելքի նուիրական աշխատանքին:
Այս առիթով Տէր եւ Տիկին Քէօշկէրեաններու դուստրը՝ Բալիկ Քէօշկէրեանը հանդէս եկաւ ջութակի նուագակցութեամբ, զայն ցոնելով առաջնորդ Սրբազան Հօր:
ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ, 24 ՄԱՐՏ, 2015
Առաւօտեան, Սրբազան Հայրը այցելեց «Canada Scaffold»ի կողմէ շքեղօրէն կարուցուած մանկամսուրը եւ կատարեց անոր օրհնութիւնը: Յիշեցնենք, որ այս մանկամսուրը նախաձեռնութիւնն է Ազգային Բարերարներ Տէր եւ Տիկին Սամ եւ Սիրանուշ Լազարեաններուն եւ անոնց դուստրերուն՝ Ալիսին եւ Մատլէնին: Սրբազան Հայրը դիմաւորուեցաւ ընկերութեան տէրերուն, տնօրէնութեան, քարտուղարութեան եւ մանկամսուրի պատասխանատուհիին կողմէ: Կատարելէ ետք նորակարոյց մանկամսուրին օրհնութիւնը, Սրբազան Հայրը գնահատեց Լազարեան ընտանիքի անդամներուն այս նախաձեռնութիւնը, որմէ պիտի օգտուին նաեւ հայ մանուկներ հայ դաստիարակներու առաջնորդութեամբ: Աւարտին, Ալիսն ու Մատլէն քոյրերուն առաջնորդութեամբ Սրբազան Հայրը պտտեցաւ ընկերութեան զանազան բաժինները:
-Նոյն օրը կէսօրին, Սրբազան Հայրը հանդիպում ունեցաւ UBC համալսարանի Vancouver School of Theologyի Տնօրէն Վերապատուելի Դոկտ. Richard Toppingին հետ: Սրբազան Հայրն ու տնօրէնը միասնաբար խօսեցան Աստուածուաբանական կարգ մը հարցերու առնջութեամբ: Տնօրէնին հրաւէրով, Սրբազան Հայրը առիթ ունեցաւ ե՛ւ այցելելու ե՛ւ իմանալու նորակարոյց Աստուածաբանական համալիրի շէնքին մասին: Աւարտին, տնօրէնը յատուկ գնահատանքով արտայայտուեցաւ Ուղղափառ, Կաթոլիկ, Անկլիգան եւ Փողոքական եկեղեցիներու զաւակներուն համատեղ ուսումնական կեանքին եւ եկեղեցիներու փոխադարձ վկայութեան եւ համատեղ ուսումնական յաջողութեանց:
-Նոյն օրը յետմիջօրէին, Սրբազան Հայրը ուղղուեցաւ Վանգուվըրէն շուրջ երկու ժամ հեռու Abbotsford քաղաքը, ուր հանդիպում ունեցաւ շրջանի հայ ընտանիքներուն հետ, Սարմատ եւ Սիլվա Սարգիսեաններու հիւրընկալութեամբ: Այս առիթով Սրբազան Հայրն ու Հայր Սուրբը լայնօրէն բացատրեցին Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Վանգուվըրի մէջ կայանալիք հարիւրամեակի ձեռնարկներուն մասին, քաջալերով որ բոլորն ալ իրենց մասնակցութիւնը բերեն Հարիւրամեակի ձեռնարկներուն:
ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ, 24 ՄԱՐՏ, 2015
Սրբազան Հայրը հրաժեշտ առնելով մեկնեցաւ Մոնթրէալ, Առաջնորդանիստ քաղաք: