ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՎԱՆԳՈՒՎԸՐԻ ՄԷՋ
ՇԱԲԱԹ, 22 ՕԳՈՍՏՈՍ, 2015
Հովուական այցելութեամբ, Շաբաթ, 22 Օգոստոս, 2015ին Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Մեղրիկ Սրբազան Եպիսկոպոս Բարիքեանը, երեկոյեան ժամանեց Վանգուվըր եօթօրեայ այցելութեամբ: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը դիմաւորուեցաւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Հրանդ Աբղ. Թահանեանին, հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Տիար Գէորգ Քէօշկերանին, փոխ-ատենապետ՝ Տիար Վիգէն Մովսէսեանին, եւ Բարեշնորհ Արա Սարկաւագ Պաղամեանին կողմէ:
ԿԻՐԱԿԻ, 23 ՕԳՈՍՏՈՍ, 2015
Կիրակի, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ: Ս. Խորանին սպասարկեցին եկեղեցւոյս սարկաւագներն ու կիսասարկագները: Սուրբ Պատարագի աւարտին Սրբազան Հայրը քարոզեց «Օրհնեա Տէր» բնաբանով: Գնահատեց բոլոր ծառայողները Սուրբ Եկեղեցւոյս, եւ Աստուծոյ օրհնութեան դիմելով աղօթեց որ հաւատացեալները մնան երկնային օրհնութեան ներքեւ եւ օրհնալից կեանք մը ունենան: Քարոզի աւարտին Սրբազան Հայրը ներկայ հաւատացեալներուն փոխանձեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սուրբ Աթոռի գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետի օրհնութիւնները եւ Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեամբ անոր յղած պատգամը փոխանձեց հաւատացեալներուն: Քարոզի աւարտին Հոգեշնորհ Տէր Հրանդ Վրդ. Թահանեանի կողմէ վերաբերուեցաւ Անթիլիասի մէջ օրհնուած Սրբալոյս Միւռոնը եւ կատարուեցաւ հանդիսաւոր ջրօրհնէք: Ս. Պատարագի աւարտին առաջնորդ Սրբազան հայրը շնորհաւորեց Տէր Հրանդ Վրդ. Թահանեանը Վարդապետական գաւազանի իշխանութիւն ստանալուն առիթով, եւ Հայր Սուրբին նուիրեց Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի քանդակով պատրաստուած ճարմանդ մը եւ գօտի ճարմանդ մը:
Կարճ դադարէ մը ետք Հայ Կեդրոնի Լազարեան սրահին մէջ մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան ի պատիւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, կազմակերպութեամբ եկեղեցւոյս հոգաբարձութեան եւ Տիկնաց յանձնախումբին: Գեղարուեստական յայտագրով հանդէս եկան Հ.Յ.Դ. Քրիստափոր Միքայէլեան Պատանեկան միւութեան անդամները: Աւարտին, Սրբազան Հայրը գնահատեց Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Հոգաբարձութիւնն ու Տիկնացը, ինչպէս նաեւ յատուկ կերպով իր ուրախութիւնը յայտնեց Պատանեկանի կողմէ մատուցուած յայտագրին համար: Սիրոյ սեղանը աւարտին հասաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր աղօթքով:
ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ, 24 ՕԳՈՍՏՈՍ, 2015
Երկուշաբթի երեկոյեան, առաջնորդ Սրբազան Հայրը ներկայ գտնուեցաւ «ՍասունԱմառնայինՃամբար»ի 9-րդ եզրափակիչ հանդիսութեան, որ նուիրուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր փակման խօսքով գնահատեց կազմակերպիչները, մասնակիցները եւ ծնողները: Յիշեցուց, որ հայապահպանման առաքելութիւնը մեր կեանքի սեպուհ առաքելութիւնն է: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատեց նաեւ պարուսոյց օրիորդ Լորի Նաճարեանն ու երաժշտութեան դասատու՝ Տիկին Թալին Գըլպոզեանը:
Այս առիթով Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բոլոր մասնակիցներուն, կամաւորներուն, պարի եւ երաժշտութեան ուսուցիչներուն եւ յանձնախումբի անդամներուն յիշատակի նուէրներ բաժնեց: Սասուն Ամառնային Ճամբարի մասնակցողներն ալ իրենց կարգին պատրաստած էին Աղթամարի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ puzzle-է շինուած պատկերը, որ նուիրեցին Առաջնորդ Սրբազան Հօր, որ սակայն պիտի զետեղուի Վանգուվըրի Հայ Կեդրոնին մէջ:
Աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:
ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ, 25 ՕԳՈՍՏՈՍ, 2015
Երեքշաբթի, Սրբազան Հայրը հարցազրոյց մը ունեցաւ Վանգուվըրի հայկական ռատիօժամին հետշ ուղիղ սփռումով՝ CFRO 100.5 ալիքին վրայ, զորս վարեց՝ Տիկ. Մեղրիկ Չափանեան, ձայնի hաղորդավարութեամբ՝ Տիար Ռաֆֆի Չափանեանի: Սոյն հարցրազրոյցը կրնաք ունկնդրել այցելելով «http://www.coopradio.org/content/armenian-variety-show» կայքէջը:
Նոյն օրը երեկոյեան, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութիւնն ու Երեսփոխանները, ինչպէս նաեւ Սասուն Ճամբարի պարի եւ երաժշտութեան ուսուցչուհիները, հիւրընկալուեցան Տէր եւ Տիկին Յակոբ եւ Կարին Տէր Յակոբեաններուն կողմէ: Այս առիթով Առաջնորդ Սրբազան Հայրը անգամ մը եւս գնահատեց կատարուած աշխատանքն ու հաւաքական ճիգը:
ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ, 26 ՕԳՈՍՏՈՍ, 2015
viagra without prescription canada In the same way some medicines and some herbal treatment for early discharge and erectile dysfunction in males. The order generic levitra woman cannot be pleasedon intercourse alone. The indicators below can range from somewhat unpleasant to severely painful: Change in frequency of bowel movements whether less frequent or more frequent (diarrhea or constipation) Change in stool consistency Abdominal distension or bloating Gassiness Other symptoms that should be mentioned but can also be caused by a variety of different issues, which range from your diet and lifestyle to tadalafil tablets in india emotional problems and mental trauma as well.If you. Follow cost viagra online your doctor’s recommendations on how to monitor and manage – and they must teach their children to do so as well.
Չորեքշաբթի, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը տուաւ կարգ մը այցելութիւններ գաղութիս ոսկէտարիք անդամներուն:
Երեկոյեան, ներկայ գտնուեցաւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Հոգաբարձական ժողովին:
ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 27 ՕԳՈՍՏՈՍ, 2015
Հինգշաբթի, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հիւրընկալուեցաւ արժանապատիւ Տէր Գեղարդ Աւագ Քահանայ Կարապետեանի կողմէ:
Ապա՝ շարունակուեցան Առաջնորդ Սրբազան Հօր այցելութիւնները:
Երեկոյեան, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հիւրընկալուեցաւ Տիկին Սօֆիկ Ճէսուինի եւ իր դստեր՝ Լինզիի կողմէ, ներկայութեամբ այլ հիւրերու:
ՈՒՐԲԱԹ, 28 ՕԳՈՍՏՈՍ, 2015
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Հայր Սուրբին բնակարանին մէջ շարունակեց ընդուիլ գաղութիս հաւատացեալներէն ոմանց այցելութիւնը:
Կէսօրին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ընկերակցութեամբ Հայր Սուրբին եւ Հոգաբարձութեան Փոխ-Ատենապետ Տիար Վիգէն Մովսէսեանին մեկնեցաւ «Dogwood Valley Camp»: Այս առիթով Սրբազան Հայրը ներկայ գտնուեցաւ Հ.Յ.Դ. Գ.Ե.Մ.ի ….. տարեկան սեմինարին: Սրբազան Հայրը դասախօսեց նիւթ ունենալով «How to keep your culture in western society»: Բանախօսութեան աւարտին Առաջնորդ Սրբազան Հօր տրուեցան հարցումներ, որոնք պատասխանուեցան սպառիչ մանրամասնութեամբ:
Երեկոյեան, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը վերադարձաւ Վանգուվըր, եւ հիւրընկալուեցաւ Տէր Եւ Տիկին Յարութ եւ Սեւան Պէշտիքեաններուն կողմէ, ներկայութեամբ այլ հիւրերու:
ՇԱԲԱԹ, 29 ՕԳՈՍՏՈՍ, 2015
Առաւօտեան, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, Հայր Սուրբին բնակարանին մէջ շարունակեց ընդուիլ գաղութիս հաւատացեալներէն ոմանց այցելութիւնը:
Ապա, շարունակեց այցելել ոսկէտարիք եւ այլ անդամներուն:
Երեկոյեան, Առաջնորդ Սրբազան հայրը, հրաժեշտ առնելով մեկնեցաւ Վանգուվրէն, շարունակելու իր առաքելութիւնը: