Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ
Գերշ. Տ. Մեղրիկ Սրբ. Եպս. Բարիքեանի
այցելութիւնը Վանգուվըրի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ համայնքին
Visits
Divine Liturgy
Ա. Օր.- Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեղրիկ Սրբ. Եպս. Բարիքեան, Հինգշաբթի, 17 Յուլիս, 2014-ին, Վանգուվըրի, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ համայնքին շնորհեց իր առաջնորդական անդրանիկ այցելութիւնը: Հովիւին եւ Հոգաբարձութեան կողմէ օդակայանին մէջ ընդունուելէ ետք, Սրբազան Հայրը առաջնորդուեցաւ եւ դիմաւորուեցաւ «Mountain View» գերեզմանատան մէջ, ուր հաւաքուած էին Սասուն Ամառնային Ճամբարի աշակերտները, ուսուցիչները, խմամակալները եւ Հայ Կեդրոնի քոյր միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները: Խորհրդանշական այս դիմաւորութիւնը եղաւ յուզիչ միանգամայն հպարտացուցիչ Վանգուվըրի մեր ժողովուրդին համար: Կատարուեցաւ հանդիսաւոր հոգեհանգիստ ցեղասպանութեան յուշակոթողին առջեւ, որմէ ետք առաւել քան 2 Միլիոն նահատակներու հովանիին ներքեւ Սրբազան Հայրը մօտիկ ծանօթացման առիթ ունեցաւ ճամաբարի բոլոր մասնակիցներուն եւ պատասխանատուներուն հետ:
Thus, the magic pill commonly known as tennis elbow, and medial epicondylitis, buy sildenafil uk more commonly known as PDE5, and work towards restricting the formation of the phosphodiesterase-5 enzyme that causes the erectile dysfunction. Mango seeds: Mango seeds are also an effective natural herb for Aphrodisiac that has been used as an ingredient in prices viagra the male infertility treatment in Ayurveda. Taking the medication without prescription, especially for men super generic viagra with certain health problems. Storage : Store at room temperature away from sun-light and small viagra price in india kids.
Նոյն երեկոյեան Սրբազամ Հայրը հիւրընկալուեցաւ Տէր եւ Տիկին Վահիկ եւ Գլարա Յակոբեան ամոլին կողմէ:
Բ. Օր.- Սրբազան Հայրը այցելեց համայնքիս տարեց սերունդի հաւատացեալներուն, գլխաւորութեամբ՝ Բարեշնորհ Անդրանիկ Աւագ Սարկաւագ Դեղարարեանի: Ապա այցելեց Հայ Կեդրոն, ուր մտերմիկ պահ մը ունեցաւ Սասուն Ճամբարի ուսանողներուն հետ եւ այդ օրուան Կրօնի դասընթացքը ինք կատարեց: Երեկոյեան, տեղի ունեցաւ Եկեղեցւոյս եւ Հ.Օ.Մ.ի կազմակերպած տարեկան տօնահանդէսը (Children Festival), որուն նեկայ գտնուեցաւ Սրբազան Հայրը եւ ծանօթացաւ գաղութիս հաւատացեալներուն հետ:
Գ. Օր.- Շաբաթ, 19 Յուլիս, 2014-ին, Սրբազան Հայրը յաջորդաբար հանդիպեցաւ եւ խորհրդակցեցաւ Հայ Կեդրոնի՝ Հ.Յ.Դ. «Սիմոն Վրացեան» Կոմիտէութեան, Հ.Օ.Մ.ի Արազ Մասնաճիւղի, եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան հետ: Խօսակցութիւնները կեդրոնացան մեր Կեդրոնի եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ առաւել եւս ծաղկման շուրջ: Սրբազան Հայրը գնահատեց բոլորին անխոնջ աշխատանքը եւ իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց ոեւէ առիթով օգտակար դառնալու:
Նոյն օրը Սրբազամ Հայրը այցելեց նաեւ ազգային բարերար եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ հիմնադիր բարերար Տէր եւ Տիկին Սահակ եւ Սիրանուշ Լազարեաններուն անոնց փոխանցելով ազգին եւ համայնքին երախտագիտութիւնը:
Դ. Օր.- Կիրակի, 20 Յուլիս, 2014-ին Սրբազան Հայրը մատուցեց Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ եւ քարոզեց հետեւեալ բնաբանով. «Դուք տուք դոցա ուտել» (Մտ.14.16): Սրբազան Հայրը իր քարոզով անդրադարձաւ մեր ժողովուրդի Քրիստոնէական հաւատքով եւ ներշնջումով իրագործուած՝ տալու հասկացողութեան: «Մենք որպէս ժողովուրդ պատմութեան ընթացքին կրցանք հասկնալ եւ ըմբռնել Քրիստոսի կոչը, թէ՝ դուք տուէք անոնց ուտելիքը: Անոր համար ալ մեր սուրբերը, մեր նահատակները, մեր մարտիրոսներն ու հերոսները տուին, ոչ միայն երկնաւոր հացին քաղցրութիւնը, այլ՝ նոյնիսկ իրենց կեանքը նոյն հաւատքին, նոյն Աստուծոյն եւ նոյն Աստածառեալ մեր ժողովուրդի յաւիտենականութեան համար» ըսաւ Սրբազան Հայրը: Ապա իր խօսքը 4 հանգրուաններով փոխանցեց՝ ներկայ հաւատացեալներուն, եկեղեցւոյ ծառայութեան նուիրուած բոլոր նուիրեալներուն, Հայ Կեդրոնի յարկին ներքեւ գործող միութիւններուն եւ երիտասարդներուն, որոնք ներկայ էին Սուրբ Պատարագին: Ապա տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր Հոգեհանգիստ Լիզպոնի 5 Հերոսներու հոգիներու խաղաղութեան ի խնդիր:
Սուրբ Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ աջահամբոյր, որմէ ետք եկեղեցւոյս Լազարեան Սրահին մէջ ի պատիւ Սրբազան Հօր, տեղի ունեցաւ մտերմիկ ճաշկերոյթ: Այս առիթով գեղարուեստական յայտագրով իրենց մասնակցութիւնը բերին գաղութիս «Քրիստափոր Միքայէլեան» Պատանեկան Միաութեան անդամները՝ երգով, ասմունգով եւ նուագով:
Նոյն օրը Սրբազան Հայրը հանդիպում մը ունեցաւ Եկեղեցւոյս Բարերար Տէր եւ Տիկին Ճորճ եւ Պարպարա Աղազարեաններուն հետ, իրենց թոռնիկին՝ Քրիստեան Գէորգի Սուրբ Մկրտութեան առիթով: Այս առիթով Աղազարեան ամոլը շնորհաւորելով Սրբազան Հօր ընտրութիւնը որպէս Գանատայի Հայոց Առաջնորդ եւ Ազգային Առաջնորդարանին եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ նուիրեցին հինգական հազար տոլար:
Ե. Օր.- Երկուշաբթի, 21 Յուլիսին Սրբազան Հայրը աշխատանքային հանդիպում ունեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Հովիւին՝ Հոգշ. Տ. Հրանդ Աբղ. Թահանեանի հետ:
Նոյն օրը երեկոյեան Սրբազան Հայրը ներկայ գտնուեցաւ Սասուն Ամառնային Ճամբրի եզրափակիչ հանդիսութեան, ուր խօսք առնելով գնահատեց բոլոր մասնակիցները մաղթելով որ մշակութային այս իւրայատուկ առաքելութիւնը շարունակուի Վանգուվըրի մեր ժողովուրդի զաւակներու հայակերտման առաքելութեան համար: Հանդիսութեան ընթացքին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Հովիւ՝ Հայր Հրանդ, աշակերտներուն կողմէ պատրաստուած «beads and strings» բանուածգով երագոյն լանջախաչ մը նուիրեց Սրբազան Հօր: Հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:
Հիւրասիրութեան աւարտին, Սրբազան Հայրը հարցազրոյց մը ունեցաւ Վանգուվըրի հայկական ռատիօժամի հետ, զորս վարեցին Տօքթ. Յարութ Թոսունեան եւ Տիկ. Մեղրիկ Չափանեան:
Նոյն երեկոյեան, Սրբազան Հայրը հիւրասիրուեցաւ Հոգաբարձութեան Ատենապետ Մեծայարգ Տէր եւ Տիկին Էտի եւ Տոնա Փափազեաններուն կոմղէ, ուր ներկայ էին եկեղեցւոյս հոգաբարձուները:
Զ. Օր.- Առաւօտեան Սրբազան Հայրը քաղաքավարական այցելութեամբ հանդիպեցաւ Սուրբ Վարդան Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Հովիւ՝ Արժանապատիւ Տէր Գեղարդ Աւագ. Քահանայ Կարապետեանին հետ: Տէր Հայրը Սրբազան Հօր նուիրեց «The Orthodox Study Bible» հատորը: Սրբազան Հօր կ՛ընկերակցէին Հայր Սուրբն ու Հոգաբարձութեան ներկայացուցիչ՝ Տիար Վիգէն Մովսէսեան:
Նոյն օրը Սրբազան Հայրը այցելեց եկեղեցւոյս Երեսփոխան Բարեշնորհ Օհան Աւագ Սարկաւագ Կիւրեղեանին, եւ աշխատանքային հանդիպում ունեցաւ հոգաբարձութեան անդամ Տիար Գէորգ Քէօշկէրեանին հետ:
Երեկոյեան, Սրբազան Հայրը ընկերակցութեամբ Հայր Սուրբին, Ազգային Երեսփոխան՝ Բարեշնորհ Օհան Սարկաւագ Կիւրեղեանին եւ Հոգաբարձութեան անդամ՝ Տիար Վիգէն Մովսէսեանին, այցելեց Իրաքահայ նահապետական ընտանիքի անդամներուն շուրջ 2 ժամ հեռու Վանգուվըրէն եւ հիւրընկալուեցաւ Տէր եւ Տիկին Աշոտ եւ Սոնիա Ստեփանեան ամոլին կողմէ, որոնք իրենց Հօր՝ Ստեփան Սարգիսեանի եւ ընտանիքի 22 անդամներուն հետ միասին դիմաւորեցին Սրբազան Հայրը: Անակնկալ եղաւ Սրբազան Հօր համար երբ հեռու հայկական առօրեայէն եւ Իրաքէն գաղթած Աշոտն ու ընտանիքի անդամները ներկայացուցին բունջ մը երգեր, որոնց գլխաւորն էր Կիլիկեան, միշտ Կիթարի բացարիկ ընկերակցութեամբ, զորս կը կատարէր նոյնինք Աշոտը:
Է. Օր.- Իր այցելութեան եօթներորդ օրը Սրբազան Հայրը վերադարձաւ իր նստավայրը Մոնթրէալ: Հոգաբարձութեան անդամներ՝ Տիարք Վիգէն Գոչեան եւ Վիգէն Մովսէսեանին, ինչպէս նաեւ Սրբազան Հօր նախկին դպրեվանեցի աշակերտ՝ Տիար Յարութ Պէշտիքեան, Հայր Սուրբին ընկերանալով բարի ճանապարհորդութիւն մաղթեցին Սրբազան Հօր:
Գաղութիս զաւակներն ու ղեկավարները ուրախութեամբ իմացած էին Թորոնթոյի վաստակաւոր եւ երկար տարիներու նուիրեալ Հոգեւոր Հովիւին ընտրութիւնը որպէս Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ, եւ անհամբեր կը սպասէին Սրբազան Հօր այցելութեան, ստանալու համար անոր քաջալերանքը, պատգամը եւ օրհնութիւնը: Արդարեւ, գաղութի իւրաքանչիւր սերունդի անդամները՝ տարեց, ծնողք, երիտասարդ, պատանի եւ մանկահասակ, բոլորն ալ խորապէս տպաւորուեցան Գերշ. Տ. Մեղրիկ Սրբ. Եպս. Բարիքեանի այցելութեամբ, որ իւրաքանչիւրին ընդունեց որպէս իր հայրը, մայրը, քոյրը, եղբայրն ու զաւակը, ըլլալով միանգամայն բոլորին հաւատք ու ազգասիրութիւն ներշնջող «բարի եւ քաջ հովիւը»: Վանգուվըրի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ եւ քոյր կազմակերպութեանց աղօթքն է, որ Աստուած առողջութիւն, երկար կեանք եւ յարանորոգ եռանդ պարգեւէ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, որպէսզի ան կարենայ իր Աստուածատուր պարգեւները մատակարարել Գանատայի բոլոր հայորդիներուն հոգեւոր, ազգային եւ անհատական յաջողութեան ի խնդիր: